Եկեղեցին կվերածվի թանգարանի, եթե չվերանորոգվի: Այս մասին, այսօր՝ սեպտեմբերի 24-ին, Հայ առաքելական եկեղեցու Եպիսկոպոսաց ժողովում ունեցած իր ելույթում նշել է Մեծի Տանն Կիլիկո կաթողիկոս Արամ Ա-ն:

Նա իր ելույթում մասնավորապես, ասվել է.

«Պատմութեան ընթացքին մեր հայրապետներուն կողմէ եղան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ հայ եկեղեցին բարեկարգելու առաջնորդող: Մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը լեցուն է եկեղեցւոյ կեանքի զանազան բնագաւառներուն առնչուած կանոններով, սկզբունքներով եւ ուսուցումներով: Սակայն այնքան արմատական ու արագ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան ընկերութեան կեանքին մէջ, որ այսօր, փաստօրէն հսկայ վիհ մը գոյացած է մեր հայրերու հաստատած կանոններուն ու ներկայ ժամանակներու մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն միջեւ: Մեր պատմութեան վերջին դարերու պայմանները, երբ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած էր, չներեցին, որ մեր եկեղեցին լծուի բարեկարգչական ծրագրուած ու համապարփակ աշխատանքի: Այսօր, հազար փառք կու տանք Աստուծոյ, որ մեզի այս եզակի պատեհութիւնը ընծայեց երկու Վեհափառ Հայրապետներուն նախաձեռնութեամբ ու առաջնորդութեամբ եւ մեր եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն մասնակցութեամբ լծուելու ծիսական բարեկարգութեան այնքան հրամայական գործընթացքին:

Ի՞նչ կը հասկնանք «բարեկարգութիւն» ըսելով.– սոսկ անցեալի աւանդութեանց վերականգնո՞ւմը, մեր եկեղեցւոյ ծիսական կարգին վերադասաւորո՞ւմը կամ կրճատո՞ւմը, լոկ լեզուի փոփոխութիւնը, եւ կամ ծիսական նոր համակարգի մը հաստատումը` մեր կեանքին ներկայ դրուածքին պատշաճող: Հարցադրումներ, որոնք պէտք է կատարուին իրապաշտ մօտեցումով. հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուին քննական ոգիով Եպիսկոպոսաց Ժողովի ծիրէն ներս:

Մեր հայեցողութեամբ, բարեկարգութիւնը ըստ էութեան պէտք է ըմբռնել որպէս եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան, վկայութեան ու առաքելութեան վերարժեւորումը, վերանորոգումը ու վերակենսաւորումը: 1961-ին Կաթոլիկ եկեղեցին գումարեց Վատիկանի Երկրորդ Ժողովը` եկեղեցին նոր ժամանակներու պատշաճեցնելու ու բարեկարգելու (Յովհաննէս 23 Պապին բառով` աճիօրնամէնթօ) առաջադրութեամբ: Արդարեւ, եկեղեցին կը վերածուի թանգարանի, եթէ չվերանորոգուի: Եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը ու վերանորոգումը պէտք է սկսի ծէսով, որովհետեւ եկեղեցւոյ կեանքի բոլոր տարածքներուն, բնագաւառներուն ու արտայայտութիւններուն մէջ, ներառեալ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութիւնը ու դաւանաբանական ուսուցումները, ծէսը կեդրոնական տեղ ու առանցքային դեր ունի:

Անհրաժեշտ է սակայն, որ մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքը բարեկարգելու ձգտող մեր աշխատանքը կատարուի մեր եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութեան խորքին վրայ: Արդարեւ, ոմանք հայ եկեղեցին կը նկատեն լոկ հոգեւոր կառոյց, ուրիշներ` ազգային հաստատութիւն: Աշխարհականներու գործօն ներկայութիւնը մեր եկեղեցիէն ներս ոմանք տարօրինակ կը գտնեն, ուրիշներ` բնական. ոմանք հոգեւորականներու ազդու դերակատարութիւնը կը նկատեն դրական, ուրիշներª անընդունելի: Այս հակադիր մօտեցումները տեսական կամ պարագայական չեն: Անոնք սերտօրէն առնչուած են մեր եկեղեցւոյ պատմական զարգացման հոլովոյթին: Այսպէս, Արեւելեան Հայաստանի մէջ, պոլոժէնիայի հաստատումով եւ հետագայ քաղաքական պայմաններու յառաջացումով, մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ հոգեւորականը գրաւեց առանցքային տեղ: Իսկ Կիլիկիոյ մէջ, Ազգ. Սահմանադրութեան հաստատումով եւ սփիւռքեան բոլորովին տարբեր պայմաններու ստեղծումով եկեղեցւոյ կեանքին մէջ աշխարհական դասը դարձաւ կարեւոր ներկայութիւն:

Հայ եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութեան այս տարբեր շեշտաւորումները, որոնք նաեւ ձեւաւորեցին տարբեր գործելակերպեր ու մտածելակերպեր, անհրաժեշտ է որ ներդաշնակուին պատմութեան ընթացքին կազմաւորուած մեր եկեղեցւոյ հարազատ ինքնաճանաչման հետ, որ իր մէջ կը պարփակէր մեր ժողովուրդի ամբողջականութիւնըª հոգեւորականը ու աշխարհականը իրենց իւրայատուկ դերերով: Այս իրողութենէն մեկնելով Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգչական բոլոր ժողովներուն, հոգեւորականներու կարգին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ մտաւորականներ, նախարարներ ու նոյնիսկ զօրավարներ: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութիւնը ներկայ գործընթացքին, յատկապէս երբ մեր ժողովուրդին կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող հարցերու քննարկումը կը կատարուի, կը նկատենք հրամայական: Մեր ժողովուրդը իր եկեղեցին յուզող հարցերուն նկատմամբ ըսելիք եւ ընելիք ունի, պէտ է ունենայ:

Մեր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին անհրաժեշտ է նաեւ նկատի ունենալ հետեւեալ կաեւոր երեւոյթը: Պայմաններու պարտադրանքով, մեր եկեղեցւոյ հաստատութենական ու վարչակազմակերպչական երեսը աւելի շեշտուեցաւ` ի հեճուկս անոր ժողովրդակեդրոն նկարագրին ու ազգային դերը լուսարձակի տակ առնուեցաւ` ի հեճուկս անոր հոգեւոր միջուկին: Անկասկած, ընկերութեան կեանքին մէջ ինքզինք արտայայտող եկեղեցին կարիքը ունի վարչակազմակերպչական դրութեան, ինքնարտայայտման կերպերու ու իր գոյատեւումը ապահովող կառոյցներու: Սակայն եկեղեցին իր էութեամբ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ու ճշմարտութիւններով շաղախուած ժողովուրդի համայնական կեանքն է: Եկեղեցի շինելը բնականաբար կարեւոր է, սակայն եկեղեցի դառնալը շատ աւելի կարեւոր է: Հո´ս է եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառը, անոր առաքելութեան կիզակէտը: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ կեանքին առնչուած ոեւէ մէկ դրութիւն, կառոյց կամ երեւոյթ, ներառեալ ծէսը ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ չէ: Եկեղեցւոյ ինքնաարտայայտութեան կերպերը պէտք չէ շփոթել եկեղեցւոյ կոչումին հետ: Եկեղեցին աստուածատուր առաքելութիւն է իր գոյութեամբ ու էութեամբ, իր ծառայութեամբ ու կոչումով: Մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ հոգեւոր ու ազգային տարածքները պէտք է սերտօրէն ներդաշնակուին: Մեր աշխատանքին յստակ նպատակը պէտք է ըլլայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերակենսաւորել ու զայն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կենսագործել: Այս հեռանկարով կ’ուզենք ձեր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.–

1) Անհրաժեշտ է Եպիսկոպոսաց Ժողովը վերածել հաւաքական գործընթացքի, ոչ սոսկ հերթական նիստեր գումարող մնայուն կառոյցի, հարկ եղած պարագային մասնակցութեամբ նաեւ մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական այլ աստիճաններու պատկանող հոգեւորականներուն, նո´յնիսկ աշխարհական մասնագէտներուն` համաձայն քննարկուելիք նիւթերու բնոյթին ու տարողութեան: Յիշեալ գործընթացքին հիմնական աշխատանքը պէտք է կատարուի մասնագիտական յանձնախումբերու կողմէ, ուր ուսումնասիրութիւններու ու քննարկումներու կողքին յատուկ տեղ պէտք է յատկացուի մեզ շրջապատող ներկայ պայմաններէն եկող մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:

2) Անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ հայ եկեղեցւոյ անցեալի աւանդութիւններուն` միաժամանակ զանոնք դարձնելով համահունչ ներկայ ժամանակներուն: Աւանդութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կենսական է. ան ժողովուրդի մը ներքին ապրումներուն ու ձգտումներուն արտայայտութիւնն է, ուր մշակոյթը ու միջավայրը բնականաբար իրենց կարեւոր դերը ունին: Ձեր հայրերու աւանդութիւնը պինդ բռնեցէք (2 Թես. 2. 15), կ’ըսէ Առաքեալը: Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ աւանդապահ սակայն ո‘չ աւանդամոլ: Անհրաժեշտ է մեր աւանդութիւնները վերանորոգել ու ձեւաւորել այնպիսի կերպով, որ դառնան ներդաշնակ մեր ներկայ իրականութեան:

3) Անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ համաքրիստոնէական արժէքներուն, սկզբունքներուն ու աւանդութիւններուն` միաժամանակ ըլլալով նախանձախնդիր հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ ինքնութեան: Ա´յս սկզբունքէն մեկնելով իրենց ուղղութիւնը առած են մեր եկեղեցւոյ բոլոր բարեկարգչական շարժումները, մեր հայրերու որդեգրած դաւանաբանական կեցուածքները եւ ծաւալած աստուածաբանական երկխօսութիւնները օտար եկեղեցիներուն հետ: Ներկայ ժամանակներուն, երբ մեր եկեղեցին ամէնօրեայ յարաբերութեան մէջ է այլ եկեղեցիներու հետ, անհրաժեշտ է որ մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական ու դաւանաբանական մարզերուն առնչուած իւրայատկութիւնները պահենք անխախտ, միաժամանակ ամուր պահելով մեր համաքրիստոնէական արմատները:

4) Անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ հայ եկեղեցւոյ ամբողջականութեան ու միութեան անվթար պահպանման` միաժամանակ ոչ–հիմնական հարցերուն գծով զգայնութիւն ու ճկունութիւն ցուցաբերելով տեղական իւրայատուկ պայմաններուն նկատմամբ: Այսօր երբ մէկը շրջագայի մեր եկեղեցիներէն ներս, ինքզինք դէմ յանդիման պիտի գտնէ ակնյայտ հակասութիւններու ու տարբերութիւններու` յատկապէս արարողական ձեւերուն, ծիսական աւանդութիւններուն ու երաժշտական եղանակներուն կապուած: Արդարեւ, տասնամեակներու ընթացքին իւրաքանչիւր Նուիրապետական Աթոռ, իւրաքանչիւր առաջնորդ, նոյնիսկ իւրաքանչիւր ծխատէր քահանայ իր «բարեկարգութիւն»ը կատարած է, եւ ընդհանրապէս պարագայական կերպով, այսպէս ստեղծելով խառնաշփոթ կացութիւն մեր եկեղեցիէն ներս: Հայ եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ ներկայութիւնը եւս իր ժխտական հետեւանքները ունեցած է այս ուղղութեամբ: Արդ, անհրաժեշտ է կատարել յստակեցում, սրբագրում, դասաւորում ու զտում` մեր եկեղեցւոյ ամբողջականութիւնը վերաշեշտող:

Յաջողութեան ճամբան կը սկսի ինքնաքննադատութեամբ: Մեր վէրքերը ճիշդ տեսնելու եւ ցաւերը ճիշդ զգալու քաջութիւնը պէտք է ունենանք: Սակայն, սիրելի´ Սրբազան հայրեր, միաժամանակ պէտք է ըլլալ իրապաշտ: Հայ եկեղեցւոյ ծիսական կեանքէն ներս խոր արմատներ նետած թերութիւններու սրբագրումը, ինչպէս նաեւ հինին վերանորոգումը կը կարօտի երկար, տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքի: Եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ կատարուելիք աշխատանքէն շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ առնուած որոշումներուն գործադրութիւնը թեմական եւ ծխային մակարդակներու վրայ: Հետեւաբար, դիւրին աշխատանքի չէ որ կը ձեռնարկենք: Պէտք չէ սակայն յուսալքուինք: Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ զօրացած, մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան նկատմամբ մեր ունեցած յանձնառութեամբ ամրապնդուած ու եղբայրական ջերմ սիրով գօտեպնդուած միա°սնաբար պիտի լծուինք այս նուիրական աշխատանքին` վերանորոգ հաւատքով եւ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ: Ա´յս կը սպասէ մեզմէ մեր եկեղեցին»: